Ռիատ ողջունած է Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու հանդիպումը Սէուտեան Արաբիոյ մէջ կայացնելու առաջարկը։
Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է նաեւ Տանըլտ Թրամփի եւ Վլատիմիր Փութինի՝ օրերս տեղի ունեցած հեռախոսազրոյցը:
«Կը վերահաստատենք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան հասնելու մեր շարունակական ջանքերը»,- ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք՝ Փութինի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք Թրամփ յայտնած էր, որ Քրեմլի ղեկավարի հետ իր յառաջիկայ հանդիպումը հաւանաբար տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, սակայն ժամկէտներ Սպիտակ տան ղեկավարը չէ յայտնած: