image

Ռազմավարական արժէք ունեցող համագործակցութիւն՝ «Կոլտըն Սթէյթ»ի եւ «Ամերիաբանկ»ի միջեւ

Ռազմավարական արժէք ունեցող համագործակցութիւն՝ «Կոլտըն Սթէյթ»ի եւ «Ամերիաբանկ»ի միջեւ

18 Յունուարին «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան եւ «Ամերիաբանկ»ին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր, որուն նպատակը, ըստ յուշագիրը ստորագրողներուն, նպաստելն է երկու հեղինակաւոր հաստատութիւններուն միջեւ սերտ համագործակցութեան եւ կարելիութիւն տալ երկու դրամատուներու ներկայ եւ ապագայ յաճախորդներուն՝ օգտուելու միւս դրամատան ծառայութիւններէն եւ իրարու շուկաներէն: Այս մասին կը գրէ Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան։

«Հպարտ ենք, նոյնիսկ ոգեւորուած, որ այս գործակցութիւնը կը հաստատենք», յուշագիրի ստորագրութենէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան փոխնախագահ Վիգէն Ալեքս Յովսէփեան:

Ան նշած է, որ համագործակցութիւնը յատկանշական է անով, որ կարելիութիւն կու տայ համագործակցելու Հայաստանի մեծագոյն դրամատնային ընկերութիւններէն մէկուն՝ «Ամերիաբանկ»ի հետ: Ըստ անոր՝ համագործակցութիւնը կարեւոր է այն հանգամանքով, որ երկու դրամատուներուն նոր կարողութիւններու ընդլայնման կարելիութիւն կը տրուի, «որպէսզի միմեանց շուկաներուն մէջ կարենան աւելի դիւրութեամբ, աւելի վստահութեամբ գործել»:

«Իսկապէս նոր էջ կը բացուի հայ-ամերիկեան դրամատնային գործակցութեան համար: Ասիկա առաջին առիթն է, երբ հայկական եւ ամերիկեան դրամատուներ նման ձեւաչափով համագործակցութեան կը դիմեն: Շատ խորհրդանշական, կարեւոր նշանակութիւն ունի այս համագործակցութիւնը, որ նոր կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ», ըսած է Վիգէն Յովսէփեան՝ նշելով, որ բացի այն հանգամանքէն, որ համագործակցութիւնը կարեւոր արժէք ունի, նաեւ գործնական շատ լուրջ ներուժ կը ներկայացնէ այն իմաստով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները՝ «Ամերիաբանկ»ի ուղղորդումով եւ «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան մասնակցութեամբ կարելիութիւն պիտի ունենան աւելի դիւրաւ գործելու Քալիֆորնիոյ մէջ՝ Լոս Անճելըսի բանուկ շուկային մէջ:

«Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան փոխնախագահին համար այս համագործակցութեան մէջ յատկապէս ոգեւորիչ է այն, որ անիկա առիթ կու տայ Քալիֆորնիոյ հայկական գաղութին միջոցները Հայաստան բերելու:

«Անիկա պիտի նպաստէ, որ Հայաստան գումարներ փոխանցուին, նաեւ ներդրումներ կատարուին, ինչ որ նաեւ դրական անդրադարձ պիտի ունենայ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: Ասիկա ռազմավարական արժէք ունեցող համազգային ծրագիր է այն իմաստով, որ այսօր կը սկսի զերոյէն, բայց ըստ կարելիութեան, ըստ անհրաժեշտութեան, այս համագործակցութիւնը պիտի ընդարձակուի, նոր բնագաւառներ պիտի ներառուին՝ մեր բնակչութեան, յաճախորդներուն նպաստ բերելով», դիտել տուած է Յովսէփեան։

«Ամերիաբանկ»ի Զարգացման գծով տնօրէն Տիգրան Ջրբաշեան եւս, խօսելով համագործակցութեան մասին, նշած է, որ իրենց ընկերութեան համար յուշագիրին ստորագրութիւնը պատմական զարգացման արդիւնք է՝ նկատի ունենալով այն, որ իրենք երկար ատեն, ունենալով ներկայացուցչութիւն Միացեալ Նահանգներու մէջ, կ՛ուսումնասիրէին շուկան, կ՛ուզէին հասկնալ այնտեղի հնարաւորութիւնները:

«Մենք ոգեւորուած ենք, որ մեզ հնարաւորութիւն ընձեռուեց նմանատիպ համագործակցութեան հիմքը ստեղծել «Գոլդեն Սթէյթ» բանկի հետ: Այդ համագործակցութեան արդիւնքում այսօր մեր գործառոյթներն աւելանում են», նշած է ան։

Տիգրան Ջրբաշեանի համաձայն՝ իրենց առաջարկը պիտի ունենայ պահանջ՝ թէ՛ հայաստանեան, թէ՛ ամերիկեան շուկային մէջ, մասնաւորաբար՝ Քալիֆորնիոյ:

«Մենք այդ առաջարկութեամբ հնարաւորութիւն կ՛ունենանք բաւարարել մեր յաճախորդների լայնածաւալ պահանջարկը», ըսած է ան՝ նշելով, որ համագործակցութեան յուշագիրին մէջ յստակ կերպով նշուած են զարգացման կարելիութիւնները:

«Թերթ»ը հարցուցած է, որ նման համագործակցութեան ռազմավարութիւն ճշդելու ատեն արդեօք միայն Քալիֆորնիոյ հայ գաղո՞ւթը թիրախ ընտրուած է. Վիգէն Ալեքս Յովսէփեան յայտնած է, որ քանի որ Քալիֆորնիան հիմնականին մէջ հայերով  բնակեցուած է, առաջարկը անոնց համար է, բայց ի հարկէ, իրենք ատով չեն սահմանափակուիր եւ պատրաստ են համագործակցելու բոլորին հետ:

Համագործակցութեան մասին աւելի մանրամասնութիւններ փոխանցելով՝ մամլոյ ասուլիսին մասնակիցները դիտել տուին, որ անիկա Հայաստանի քաղաքացիներուն կարելիութիւն պիտի տայ ձեռք ձգելու անշարժ գոյք Քալիֆորնիոյ մէջ եւ օգտուելու դրամատնային բազմաթիւ ծառայութիւններէ «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատունէն ֆինանսաւորում ստանալու միջոցով՝ նախապէս դիմելով «Ամերիաբանկ»ին: Միւս կողմէ ամերիկեան ընկերութիւններ եւ անհատներ կարելիութիւն պիտի ունենան «Կոլտըն Սթէյ»չ դրամատան միջնորդութեամբ ֆինանսաւորում ստանալու «Ամերիաբանկ»էն՝ գործարարութիւն կատարելու կամ անշարժ գոյք ձեռք բերելու նպատակով եւ օգտուելու դրամատան այլ բազմաթիւ արտադրութիւններէն եւ ծառայութիւններէն (հաշիւներու հեռահար բացում, քարտերու թողարկում, աւանդներու ձեւակերպում եւ այլն):