Աշխատանքային այցով Միացեալ նահանգներ գտնուող Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխանախարար, ռազմաօդային ուժերու հրամանատար Ռամիզ Թաիրով Փենթակոնի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ նահանգներու Ազգային պահակագունդի բիւրոյի պետի տեղակալ, զօրավար-լեյտենանտ Մարք Սասեւիլի հետ։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ կողմերը միտքերու հանգամանալից փոխանակում ունեցած են «Գործընկերութեան ծրագրի» շրջածիրէն ներս ռազմական համագործակցութեան ներկայ վիճակի, այդ ուղղութեամբ աշխատանքի հետագայ զարգացման, ռազմական օդաչուներու պատրաստման եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:
Հաշուի առնելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ չդադրող ոտնձգութիւնները՝ ատրպէյճանցի զինուորականներու պատրաստման հարցով Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը բազմաթիւ հարցեր կ'առաջացնէ։