image
Հրատապ լուրեր:

Ռայիսի պիտի այցելէ Հայաստան

Ռայիսի պիտի այցելէ Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն աշխատանքային այցով ժամանած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն։ Թեհրանի «Մեհրապատ» օդակայանին մէջ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք վարչապետը ուղեւորուած է Իրանի նախագահի նստավայր, ուր անոր դիմաւորած է ԻԻՀ նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն:

Հանդիպմանն Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Փաշինեանին հրաւէրն ընդունելու եւ աշխատանքային այցով Իրան ժամանելու համար՝ աւելցնելով, որ Իրանը կը կարեւորէ բարեկամ Հայաստանի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը։

Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած Իպրահիմ Ռայիսիին ջերմ հիւրընկալութեան համար ու անգամ մը եւս շնորհաւորած է ԻԻՀ նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ։ Վարչապետը ընդգծած է, որ Իրանի հետ բազմակողմանի համագործակցութիւնը մեր երկրի համար ունի առաջնային նշանակութիւն, որ խարսխուած է փոխադարձ յարգանքի եւ ըմբռնման վրայ։

«Մեր երկու ժողովուրդների դարաւոր բարեկամութիւնը, պատմական եւ մշակութային սերտ առնչութիւնները հիմք են հանդիսանում երկկողմ փոխգործակցութիւնն առաւել զարգացնելու համար։ Մենք պատրաստակամ ենք համատեղ ջանքերով շարունակելու մեր երկխօսութիւնը եւ առաւել հարստացնելու երկկողմ համագործակցութեան օրակարգը։ Այն, որ այսօր ես այստեղ եմ, վկայում է Հայաստանի եւ ԻԻՀ-ի միջեւ ամենաբարձր մակարդակով յարաբերութիւնները խորացնելու, համագործակցութիւնն ամրապնդելու մեր յանձնառութիւնը»,- նշած է վարչապետ Փաշինեանը։

Երկկողմ կապերու ամրապնդման ծիրէն ներս վարչապետը առանցքային համարած է Իրանի հայ համայնքի դերը եւ շնորհակալութիւն յայտնած երկրի կառավարութեան համայնքի շրջանին ազգային ինքնութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ անհրաժեշտ բոլոր հնարաւորութիւններն ապահովելու համար։

Հայաստանի եւ Իրանի ղեկավարները քննարկած են առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ։ Մասնաւորապէս, զրուցակիցներն այս ոլորտին մէջ փոխգործակցութիւնը զարգացնելու խթան համարած են Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիի աշխոյժ գործունէութեան ապահովումն ու ԵԱՏՄ-ի հետ Իրանի ազատ առեւտուրի ռեժիմի կիրառման հնարաւորութիւնը։

Կողմերը առաջնային համարած են տարածաշրջանային կապուղիներու զարգացումը, ուր առանցքային նշանակութիւն պիտի ունենայ Պարսից ծոցէն Սեւ ծով փոխադրային եւ մալուխային կապի զարգացումը։

Նիկոլ Փաշինեանը ողջունած է իրանական կողմի հետաքրքրուածութիւնը Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման ծրագրի շուրջ եւ աւելցուցած, որ ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստ է քննարկելու Իրանի շինարարական ընկերութիւններու մասնակցութիւնը վերը նշուած ծրագրի՝ Սիսիան-Մեղրի հատուածի համար յայտարարուելիք միջազգային մրցոյթին։

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Իպրահիմ Ռայիսին անդրադարձած են նաեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն։ Մասնաւորապէս, կողմերը քննարկած են Իրան-Հայաստան 400 Քիլոուաթ ելեկտրահաղորդման գիծի շինարարութիւնը սկսելու ուղղութեամբ իրականացուող քայլերու ընթացքը, կարեւորած կազ-ելեկտրականութիւն փոխանակման ծրագրի ժամկէտի երկարաձգումը, 3-րդ բարձրավոլթ գիծի շահագործումէն ետք կազ-ելեկտրականութիւն փոխանակման ծաւալներու մեծացումը։

Կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ Իրանի գործադրած հետեւողական ջանքերը։

Իպրահիմ Ռայիսին նշած է, որ Իրանի համար առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումը, աւելցուցած, որ իրանական կողմը եւս անհրաժեշտ կը համարէ բոլոր հարցերը երկխօսութեան միջոցով կարգաւորելը։

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Իպրահիմ Ռայիսին քննարկած են նաեւ առողջապահութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ համատեղ նոր ծրագրերու իրականացման վերաբերող հարցեր։

Հանդիպման աւարտին Իպրահիմ Ռայիսին վարչապետ Փաշինեանին մաղթած է ուժ, եռանդ եւ կորով՝ Հայաստանի զարգացման ու նպատակադրումներու իրականացման գործին։ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է մաղթանքներու համար եւ Իրանի նախագահը հրաւիրած է Հայաստան, որ սիրով ընդունած է։ Զրուցակիցները յանձնարարած են համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն՝ սերտօրէն աշխատիլ հայ-իրանական համագործակցութեան օրակարգային տարբեր հարցերու առաջ մղման ուղղութեամբ։

Երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մասնակցի ԻԻՀ նախագահի երդմնակալութեան պաշտօնական արարողութեան։