Վրաստանի մէջ COVID-19-ի հետեւանքներով վերջին 24 ժամուան ընթացքին 44 մարդ մահացած է. Սա մրցանշային ցուցանիշ է վերջին եօթ ամսուան ընթացքին, կը հաղորդէ «Նովոստի-Կրուզիա»-ն:
Համավարակի սկիզբէն ի վեր Վրաստանի մէջ վարակի հետեւանքով մահացած է 6.128 հիւանդ: Օրական մահացութիւններու ամենամեծ թիւը գրանցուած է 19 Դեկտեմբերին. մահացած էր 53 մարդ:
Վրաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրային վարակի հաստատուած դէպքերու թիւը աւելցած է օրական 2.236-ով՝ հասնելով 450.149 -ի:
Տուեալները ստացուած են աւելի քան 23.4 հազար քննութեան հիման վրայ, որոնց համաձայն վերջին օրուան ընթացքին յայտնաբերման ցուցանիշը կազմած է 9,54 տոկոս, վերջին երկու շաբթուան ընթացքին՝ 8,74 տոկոս, իսկ վերջին շաբթուան համար՝ 9,75 տոկոս: