image

«Քովիտ»ի «ամենավտանգաւոր» տարբերակով վարակման առաջին դէպք

«Քովիտ»ի «ամենավտանգաւոր» տարբերակով վարակման առաջին դէպք

Իսրայէլի մէջ յայտնաբերուած է «Քովիտ»ի B.1.1.529 նոր տարբերակով վարակման առաջին դէպքը: Գիտնականները այս տեսակը արդէն անուանած են ամենավտանգաւորը բոլոր գոյութիւն ունեցող տարբերակներէն:

Վարակը յայտնաբերուած է Մալաուիէն վերադարձած քաղաքացիի մօտ:

«Հարաւային Ափրիկէի շարք մը երկիրներու մէջ յայտնաբերուած տարբերակով վարակման դէպք գրանցուած է Իսրայէլի քաղաքացիի մը մօտ, որ վերադարձած է Մալաուիէն: Բացի այդ, կայ կասկած եւս երկու քաղաքացիի առնչութեամբ, որոնք վերադարձած են արտասահմանէն: Ներկայ պահուն անոնք մեկուսացման մէջ են, կը սպասեն քննութիւններու պատասխանին», կ'ըսուի Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հարաւափրիկեան այս տարբերակին տուած է յունարէն Օմիքրոն անուանումը: