image

Քոսովոյի բանակը կը նախապատրաստուի մեր դէմ գործողութեան. Սերպիոյ նախագահ

Քոսովոյի բանակը կը նախապատրաստուի մեր դէմ գործողութեան. Սերպիոյ նախագահ

Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը յայտարարած է, որ ինքնահռչակ Քոսովոյի կառավարութեան բանակը գործողութեան կը պատրաստուի Քոսովոյի սերպերու նկատմամբ, կը հաղորդէ «Danas»-ը:

Վուչիչի խօսքով, Սերպիան երբեք  նման ծանր ու բարդ իրավիճակի մէջ չէ եղած. «Փրիշթինայի ռեժիմը կը փորձէ զոհ ներկայանալով, օգտագործել աշխարհի մէջ առկայ տրամադրութիւնները»,-ըսած է Վուչիչ:

Ան յստակեցուցած է, որ Քոսովոյի իշխանութիւնները կը փակեն Սերպիոյ կողմէ տրուած փաստաթուղթեր ունեցող քաղաքացիներու մուտքը եւ կը պահանջեն, որ անոնք վերագրանցեն մեքենաները Քոսովոյի համարանիշերով:

«Անոնք նախապէս իրենց ստորաբաժանումները 21 թոն վառելիքով ուղարկած են «Եարինէ» եւ «Պրնիաք» անցակէտեր՝ նպատակ ունենալով թոյլ չտալ սերպական փաստաթուղթեր ունեցողներու մուրքը»,-ըսած է Սերպիոյ նախագահը:

Սերպիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իր հերթին, հերքած է Քոսովոյի մէջ լարուածութեան իր մասնակցութեան մասին տարածուած տեղեկութիւնները, կոչ ընելով չհաւատալու ապատեղեկատւութեան: ՊՆ-ն յայտնած է, որ Սերպիոյ բանակը դեռ չէ հատած վարչական սահմանը եւ որեւէ կերպ չի մտած Քոսովոյի ու Մեթոխիայի տարածք»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Քոսովոյի իշխանութիւնները աւելի վաղ յայտարարած էին, որ յաջորդ շաբթուընէ Սերպիոյ քաղաքացիները, որոնք մուտք պիտի գործեն Քոսովոյի տարածք, պիտի ստանան սահմանը հատելու վերաբերեալ ժամանակաւոր փաստաթուղթեր, իսկ սերպական փաստաթուղթերը պիտի համարուին չգործող: Փրիշթինայի մէջ յայտարարած են, որ այդ որոշումը պատասխանն է Պելկրատի՝ Քոսովոյի կողմէ տրուած վկայականները չճանչնալու գործողութեան: