Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը յայտարարած է, որ ինքնահռչակ Քոսովոյի կառավարութեան բանակը գործողութեան կը պատրաստուի Քոսովոյի սերպերու նկատմամբ, կը հաղորդէ «Danas»-ը:
Վուչիչի խօսքով, Սերպիան երբեք նման ծանր ու բարդ իրավիճակի մէջ չէ եղած. «Փրիշթինայի ռեժիմը կը փորձէ զոհ ներկայանալով, օգտագործել աշխարհի մէջ առկայ տրամադրութիւնները»,-ըսած է Վուչիչ:
Ան յստակեցուցած է, որ Քոսովոյի իշխանութիւնները կը փակեն Սերպիոյ կողմէ տրուած փաստաթուղթեր ունեցող քաղաքացիներու մուտքը եւ կը պահանջեն, որ անոնք վերագրանցեն մեքենաները Քոսովոյի համարանիշերով:
«Անոնք նախապէս իրենց ստորաբաժանումները 21 թոն վառելիքով ուղարկած են «Եարինէ» եւ «Պրնիաք» անցակէտեր՝ նպատակ ունենալով թոյլ չտալ սերպական փաստաթուղթեր ունեցողներու մուրքը»,-ըսած է Սերպիոյ նախագահը:
Սերպիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իր հերթին, հերքած է Քոսովոյի մէջ լարուածութեան իր մասնակցութեան մասին տարածուած տեղեկութիւնները, կոչ ընելով չհաւատալու ապատեղեկատւութեան: ՊՆ-ն յայտնած է, որ Սերպիոյ բանակը դեռ չէ հատած վարչական սահմանը եւ որեւէ կերպ չի մտած Քոսովոյի ու Մեթոխիայի տարածք»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Քոսովոյի իշխանութիւնները աւելի վաղ յայտարարած էին, որ յաջորդ շաբթուընէ Սերպիոյ քաղաքացիները, որոնք մուտք պիտի գործեն Քոսովոյի տարածք, պիտի ստանան սահմանը հատելու վերաբերեալ ժամանակաւոր փաստաթուղթեր, իսկ սերպական փաստաթուղթերը պիտի համարուին չգործող: Փրիշթինայի մէջ յայտարարած են, որ այդ որոշումը պատասխանն է Պելկրատի՝ Քոսովոյի կողմէ տրուած վկայականները չճանչնալու գործողութեան: