Նամակին մէջ նշուած է, որ մինչ ամբողջ աշխարհի առաջնորդները ճանչցած են 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, Միացեալ Նահանգներու նախագահը տասնամեակներ շարունակ կը լռէր: «Մենք կը միանանք հպարտ ամերիկահայ համայնքին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն ճշմարտութեանն ու արդարութեան, եւ ձեզմէ կը խնդրենք ապրիլ 24-ի ձեր յայտարարութեան մէջ յստակ եւ ուղիղ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մենք գիտենք, որ սա խնդիր մըն է, որուն դուք լաւ ծանօթ էք Սենատին մէջ եւ փոխնախագահի պաշտօնին ձեր աշխատանքի տարիներէն:
Պարոն նախագահ, ինչպէս ըսած էիք անցեալ տարի ապրիլ 24-ի ձեր յայտարարութեան մէջ. «Լռութիւնը յանցակցութիւն է»: Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու ամօթալի լռութիւնը չափէն աւելի երկար տեւած է, որուն անհրաժեշտ է վերջ տալ: Մենք ձեզի կոչ կ'ընենք կատարելու ձեր պարտաւորութիւնները եւ ճշմարտութիւնն ըսելու»:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ 38 սենատորներ կոչ ըրած են Պայտընին ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Յիշեցնենք, որ 2019 թուականին ԱՄՆ Քոնկրէսի 2 պալատները բանաձեւեր ընդունած էին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին: