image

Վեր. Փօլ Հայտոսթեան ելոյթ ունեցաւ՝ «Քոլումպիա» Համալսարանին մէջ

Վեր. Փօլ Հայտոսթեան ելոյթ ունեցաւ՝  «Քոլումպիա»  Համալսարանին մէջ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. ՓՕլ Հայտոսթեան վերջերս այցելած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որու ընթացքին ան  «Կրթութիւն, խաղաղութիւն եւ կամուրջ հաստատելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դերակատարութիւնը» նիւթին ձօնուած ելոյթ մը ունեցած է Քոլումպիայի համալսարանէն ներս։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փօլ Հայտոսթեան վերջերս այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպեցաւ այս ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին ան ելոյթ մը ունեցաւ Քոլումպիայի համալսարանէն ներս։

Ան «Կրթութիւն, խաղաղութիւն եւ կամուրջ հաստատելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դերակատարութիւնը» նիւթին ձօնուած ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ «Faculty House»ի երդիքին տակ։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր հիւրընկալ համալսարանի Հայկական կեդրոնին կողմէ։ Ծրագրի հովանաւորներու շարքին էին Լիզպոնի Կիւլպէնկեան հիմնարկն ու Ամերիկայի Հայ աւետարանչական կազմակերպութիւնը։ 

Բազմաթիւ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ հետեւեցան Հայտոսթեանի դասախօսութեան, որու ընթացքին ան ուշադրութիւն հրաւիրեց տարածաշրջանի քրիստոնէական հաստատութիւններուն վրայ՝ ներառեալ Հայկազեան համալսարանը։ Ան մեկնաբանեց առկայ մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները՝ առանձնապէս կարեւորելով հանդուրժողականութեան սնուցումը, երկխօսութեան խթանումը, նաեւ մշակութային ու կրօնական պառակտումները կամրջելու միջոցաւ որակեալ կրթութիւն ապահովելու ուղղեալ ջանքերը։ 

Փոլ Հայտոսթեանի ներածական խօսքին յաջորդեց՝ բաւական աշխոյժ հարցում-պատասխանի բաժին մը։