Հնդկաստանի ընտրական յանձնաժողովը հաստատած է, որ Ազգային ժողովրդավարական դաշինքը՝ իշխող Պհարաթիա Ճանաթա կուսակցութեան (BJP) գլխաւորութեամբ, ապահոված է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը։
Պաշտօնական տուեալներով՝ Նարենտրա Մոտին եւ անոր դաշնակիցները Ստորին պալատին մէջ պիտի ստանան 292 տեղ՝ 543-էն։
«Այսօրուան յաղթանակն աշխարհի ամենամեծ ժողովրդավարութեան յաղթանակն է»,- դիմած է Նարենտրա Մոտին իր կուսակցութեան կեդրոնակայանին մէջ հաւաքուածներուն։
Ըստ լրատուամիջոցներու՝ համընդհանուր ընտրութեան արդիւնքը լուրջ հարուած էր վարչապետին, որ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ իր համախոհներուն խոստացած էր հասնիլ 400 մանթատի՝ «սուփըր մեծամասնութեան»: Այժմ 73-ամեայ Մոտին, ըստ դիտորդներու, ստիպուած պիտի ըլլայ հաշուի նստիլ իր դաշնակցային գործընկերներու հետ, որոնք քաղաքական կշիռք կը ստանան։
Հակառակ յարաբերական ձախողման՝ Մոտին խոստացած է կատարել իր հիմնական նախընտրական խոստումը՝ Համախառն ներքին արժէքով Հնդկաստանի տնտեսութիւնը դարձնել երրորդը (Հնդկաստանը ներկայիս վարկանիշի մէջ 5-րդն է): Ան նաեւ յայտարարած է, որ պիտի զարգացնէ պաշտպանական արտադրութիւնը, պիտի ստեղծէ աշխատատեղեր երիտասարդներու համար, պիտի աւելցնէ արտահանումը եւ պիտի օգնէ ագարակատէրերուն:
Եթէ Մոտին երրորդ անգամ ստանայ վարչապետի պաշտօնը, ապա այդ պիտի ըլլայ Հնդկաստանի պատմութեան մէջ երկրորդ դէպքը. անոնցմէ առաջ այդ պաշտօնը երեք անգամ զբաղցուցած է միայն անկախ Հնդկաստանի առաջին վարչապետ Ճաուահարլալ Ներուն։