image
Հրատապ լուրեր:

ՔՊ վարչութեան արտահերթ նիստին հաստատուած են Գիւմրիի եւ Փարաքարի նախընտրական ցուցակները

ՔՊ վարչութեան արտահերթ նիստին հաստատուած են Գիւմրիի եւ Փարաքարի նախընտրական ցուցակները

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան արտահերթ նիստին հաստատուած են Գիւմրիի եւ Փարաքարի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն կուսակցութեան նախընտրական ցուցակները։ 

Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է վարչապետ, ՔՊ վարչութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեան։ 

«ՔՊ Վարչութեան արտահերթ նիստում հաստատուեցին Գիւմրիի եւ Փարաքարի նախընտրական ցուցակները»,- գրած է Փաշինեան։ 

Գիւմրիի եւ Փարաքարի աւագանիներու արտահերթ ընտրութիւնները պիտի կայանան 30 մարտին։ Գիւմրիի ՔՊ-ի քաղաքապետի թեկնածուն Սարիկ Մինասեանն է, իսկ Փարաքար համայնքի ղեկավարի թեկնածուն Լիւտվիկ Գիւլնազարեանը։