image

Քիեւ հսկայական ուժեր կը կեդրոնացնէ շփման գիծին. Փեսքով

Քիեւ հսկայական ուժեր կը կեդրոնացնէ շփման գիծին. Փեսքով

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ միջոցներ` պատշաճ մակարդակով ապահովելու Ռուսաստանի եւ անոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն ու շահերը, ըսած է պետութեան ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Մեր պետութեան ղեկավարը` որպէս գերագոյն գլխաւոր հրամանատար եւ որպէս մեր երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը որոշող անձ, կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ միջոցներու` ապահովելու մեր անվտանգութիւնը եւ մեր շահերը», ըսած է Փեսքով:

Քրեմլի խօսնակին խօսքով, ցաւօք, Ռուսաստանը այժմ կ'ապրի «յարձակողական միջավայրի մէջ»:

«Մենք կը կարդանք ՆԱԹՕ-ի երկիրներու ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւնները, որոնք բացարձակապէս ոչ-բարեկամական են, ուղղուած մեր դէմ: Սա այն իրականութիւնն է, որուն մէջ մենք կանք», եզրափակած է Փեսքով եւ յաւելած է, որ Քիեւի կողմէ Տոնպասի մէջ սադրանքներու սպառնալիքը այժմ շատ մեծ է, աւելի բարձր, քան նախապէս: Ան ըսած է, որ Քիեւը հսկայական ուժեր կը կեդրոնացնէ շփման գիծին, ինչ որ կը վկայէ յարձակողական գործողութիւններու նախապատրաստութեան մասին: