image

Քեսապն ու քեսապահայութիւնը ապահով են...

Քեսապն ու քեսապահայութիւնը ապահով են...

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Մի քանի անգամներ փորձ կատարելէ ետք քիչ առաջ վերջապէս կարողացայ կապ հաստատել Քեսապի հետ։

Իմ ունեցած տուեալներով ընդդիմադիրները այսօր առաւօտ կանուխ մուտք գործած են Քեսապ եւ հայաբնակ աւանը առած իրենց տիրապետութեան տակ։

Մինչեւ անոնց գիւղ ժամանելը լսելի դարձած են ռումբի եւ կրակոցի ձայներ, որմէ ետք պարզ դարձած է, որ Սուրիոյ կառավարական բոլոր ուժերը երեսի վրայ ձգած են գիւղը եւ հեռացած …

«Անոնց հետքն անգամ այսօր չկար..» այսպէս կ՚ըսէր խօսակիցս, ան նաեւ կը նշէր, որ  եղելութիւնէն ժամ մը ետք գիւղը ներկայացնող հոգեւոր թէ աշխարհիկ պատասխանատուներ հանդիպում ունեցած են ընդդիմադիր զինեալներու պատասխանատու խմբակին հետ։

Վստահեցումներ տրուած են, որ զինեալները ոչ մէկ կերպ վնաս պիտի բերեն գիւղին։ Այսպիսով հայկական եղեցիները, կառոյցները եւ հայաբնակ բնակարանները անվտանգ վիճակի մը մէջ են…։

Սկիզբը եղած են որոշակի վախեր, ու քեսապցիներ յիշած են մօտիկ անցեալի դառն պատմութիւնները, սակայն ներկայիս իրավիճակը բնականոն հունի մը մէջ է։

Աղբիւրս կ՚ըսէ, որ ընդդիմադիրներու մեծ տոկոսը արդէն իսկ մեկնած են Լաթաքիա, ուր իր ըսելով իրավիճակը այդքան ալ «մաքուր չէ», բայց Լաթաքիոյ մասին յստակ տեղեկութիւններ ցարդ չունիմ ու այդ առումով պէտք է սպասել գալիք ժամերուն։

Ամէն պարագայի շատ կարեւոր է հասկնալ, որ Քեսապը յար եւ նման Հալէպին ներկայ փուլին անվտանգ ու ապահով է ու հետեւաբար մեր հայրենակիցները կը շարունակեն իրենց բնականոն կեանքը Քեսապ հայաբնակ աւանին մէջ։