image

Քարտաշեան մտադիր է նոր ամուսնէն երեխայ ունեալ

Քարտաշեան մտադիր է  նոր ամուսնէն երեխայ ունեալ

Քիմ Քարդաշեանի եւ Փիթ Տէյվիտսընի յարաբերութիւնները նոր մակարդակ տեղափոխուած են: Զոյգը կը հանդիպի նախորդ տարուայ Հոկտեմբերէն, եւ այդ ընթացքին շատ բան տեղի ունեցած է` առաջին հանդիպում, առաջին հանգիստը Պահամեան կղզիներուն մէջ, Met Gala-ի գորգին միասին յայտնուիլը եւ նոյնիսկ առաջին վէճերը սիրելիի նախկին ամուսինին հետ: Ու մինչ որոշ մարդիկ կը շարունակեն պնդել, որ աստղերուն միջեւ սիրավէպը ձեւական է, անոնք կը պատրաստուին յարաբերութիւններու մէջ լուրջ շրջանի:

Կը պարզուի, որ Քիմ Քարտաշեանը չի բացառեր եւս մէկ անգամ մայր դառնալու եւ Փիթին երեխայ պարգեւելու հնարաւորութիւնը: Hollywood Life-ի աղբիւրի հաղորդմամբ` Քիմը գիտէ, որ Փիթի մայրը կ'երազէ մեծ մայր դառնալ, իսկ Փիթը` հայր: «Երբ Փիթը սկսաւ ժամանակ անցընել Քիմի երեխաներուն հետ, ցոյց տուաւ անոր, որ հիանալի հայր պիտի ըլլայ: Ան յաջողած է մտերմանալ Նորթի հետ, իսկ այդ արդէն մեծ յաղթանակ է: Քիմը չի բացառեր կրկին մայր դառնալու հնարաւորութիւնը, միայն թէ, ամենայն հաւանականութեամբ, երեխային ան լոյս աշխարհ պիտի չբերէ», ըսած է Ինսայտըրը:

Լրագրողներու հետ զրոյցին աղբիւրը յաւելած է, որ Քիմն ու Փիթը, հաւանաբար, պիտի դիմեն փոխնակ մօր օգնութեան: «Ան պիտի չկրէ երեխան, եւ Փիթը այդ գիտէ: Ան կրկին կը դիմէր փոխնակ մօր օգնութեան, եթէ եւս մէկ երեխայ ունենար», յաւելած է ան: