image

Քաղաքականութի՞ւն, Դիւանագիտութի՞ւն թէ՞ Թշնամութիւն

Քաղաքականութի՞ւն, Դիւանագիտութի՞ւն թէ՞ Թշնամութիւն

Իւրաքանչիւր ազգ ունի իր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնները: Ներքին քաղաքականութեամբ կը կազմակերպէ եւ կը ղեկավարէ իր ազգին, իր հայրենիքին ներքին կենցաղը: Իսկ արտաքին քաղաքականութեամբ, կու գայ շփուելու այլ ազգերու եւ պետութիւններու հետ, եւ նայած ունեցած քաղաքական հասունութեան եւ վարած քաղաքականութեան հմտութեան, ներքին եւ արտաքին երեսներու վրայ յաջողութեան կը հասնի, իսկ հակառակ պարագային, եթէ չկարողանայ ճիշդ կերպով ղեկավարել եւ առողջ քաղաքականութեամբ առաջնորդել, ահաւոր կ'ըլլայ տուեալ ազգին վիճակը:

 Այս բոլորէն առաջ սակայն, անհրաժեշտ է, որ տուեալ ազգին անդամները գէթ որոշ մասամբ տեղեակ ըլլան իրենց ազգի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններէն: Աւելին, ազգի ղեկավարներուն համար պէտք է յստակ ըլլայ իրենց որդեգրած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնները, որը պէտք է բխած ըլլայ ազգի գերագոյն նպատակէն, որն է՝ ազգի պահպանումը, անվտանգութիւնն ու քաղաքացիներուն բարօր կեանքի ապահովումը: Եթէ ազգի մը ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններուն հիմքը այդ գերագոյն նպատակը չըլլայ, բնականաբար ազգը գոյատեւման եւ բարօրութեան լուրջ խնդիրներու առաջ կը կանգնի: Իսկ եթէ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններուն հիմքը գերագոյն նպատակն է, բնականաբար ազգը գոյատեւման ճիշդ ուղղին վրայ է:

 

Երբ վերեւ նշուած պայմանները գոյ են ազգի մը քաղաքական կեանքէն ներս, կարելի է հաստատ կերպով խօսիլ ու մտածել քաղաքական դիւանագիտութեան մասին, որ առողջ եւ հասուն քաղաքականութեան անմասն տարրն է: Ազգի մը թէ՛ ներքին եւ թէ ալ արտաքին քաղաքականութիւնները պէտք է դիւանագիտային ըլլան: Ներքին քաղաքականութեան պարագային դիւանագիտութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի ազգին ղեկավարները կարողանան իրենց քաղաքացիներուն կենցաղը կազմակերպեն առողջ եւ հաստատ հիմերու վրայ, ապահովեն անոնց ապրելու յարմար պայմաններ, ապահովեն եւ ամուր հիմերու վրայ կազմակերպեն ազգի երիտասարդութեան ներկան ու ապագան, տնտեսական գետնի վրայ աշխատին ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի քաղաքացիները կարելիութիւնը ունենան գործելու, ստեղծելու եւ արտադրելու, որպէսզի ազգը կարելի եղածին չափ ինքնաբաւ ըլլայ: Իսկ արտաքին քաղաքականութեան պարագային դիւանագիտութիւնը սանհրաժեշտ է, որպէսզի ազգին ղեկավարները կարողանան իրենց երկրին սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովեն, ընկերային, քաղաքակրթական եւ մշակութային եւ տնտեսական յարաբերութիւններ ստեղծեն այլ պետութիւններու հետ, առիթներ ստեղծեն այլ պետութիւններու հետ երկխօսութիւններ կազմակերպելու եւայլն:

 

Եթէ ազգին քաղաքական կեանքը այս տիպի դիւանագիտութեամբ կ'ուղղորդուի, բնականաբար քաղաքացիները ապահով եւ ինքնավստահ կ'ըլլան եւ ամուր կապերով կապուած կ'ըլլան իրենց ազգի ղեկավարութեան հետ:

 

Սակայն պէտք է զգուշանալ թշնամական քաղաքականութենէն: Թշնամական քաղաքականութիւն ըսելով նկատի ունիմ ոխի եւ ատելութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը: Այս տեսակի քաղաքականութիւնը նախ եւ առաջ ահաւոր չարիք է տուել ազգի քաղաքացիներուն համար, որովհետեւ թշնամական քաղաքականութիւնը ամէնէն առաջ իր վատ ազդեցութիւնը կ'ունենայ ներքին քաղաքականութեան վրայ: Այսպէս, ազգի ղեկավարութեան միակ նպատակը կ'ըլլայ իրենց աթոռները պահել, հարստութիւն դիզել, վայելել, անտեսելով իրենց քաղաքացիներուն ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը, ինչը կը տանի ներքին անապահովութեան եւ խլրտումներու գոյացման: Եւ երբ ազգ մը ներքնապէս ամուր չէ, ամէն կերպով վտանգի ենթակայ է եւ ցանկացած այլ պետութիւն կամ ցանկացած կազմակերպութիւն կը յաջողի այդ ներքին անհանգստութենէն օգտուիլ: Իսկ արտաքին գետնի վրայ, բնականաբար երբ ներքին քաղաքականութիւնդ անապահով է, արտաքին քաղաքականութիւնդ չի՛ կրնար ապահով հիմքեր ունենալ, որովհետեւ ներքին քաղաքականութեան կայունութիւնը հիմքն ու հայելին է արտաքին քաղաքականութեան:

 

Եզրակացնելով, ազգ մը կրնայ կայուն ու զօրաւոր ըլլալ երբ ունի առողջ եւ հասուն քաղաքական ուղղութիւն թէ՛ ներքին գետնի վրայ եւ թէ ալ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ: Եւ այդ կայունութիւնն ու հզօրութիւնը հիմնուած կ'ըլլան ազգի մը քաղաքական դիւանագիտութեան աստիճանէն: Եւ ի վերջոյ, երբ տուեալ ազգին քաղաքական կեանքին մէջ տեղ չունի թշնամական քաղաքականութիւնը:      

 

 

 Յակոբ Քորթմոսեան