Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութիւնը մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաք, յայտնած է քաղաքապետի խօսնակ Հայկ Կոստանեան։
Երկկողմանի համագործակցութեան հարցերը քննարկելու նպատակով Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան պիտի հանդիպի Լոս Անճելըսի գործընկերոջ՝ քաղաքապետ Քերըն Պասսի հետ:
Երեւանի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ պիտի ստորագրուի Փոխըմբռնման յուշագիր:
Այցի ծիրէն ներս երեւանեան պատուիրակութեան անդամները պիտի ծանօթանան նաեւ քաղաքային կառավարման կեդրոններու գործունէութեան ու թուային ճարտարագիտութեանց կիրառմամբ «խելացի» լուծումներուն, որոնք հնարաւորութիւն կու տան որակեալ եւ թափանցիկ ծառայութիւններ մատուցել քաղաքացիներուն: