image
Հրատապ լուրեր:

Պուրճ համուտ, Թիրօ թաղ, Երկրորդ Համաշխարհային պատերզմ եւ Լիբանանահայ Համայնավարներ (1943).Դոկտ. Արա Սանճեանի գրառումը

 Պուրճ համուտ, Թիրօ թաղ, Երկրորդ  Համաշխարհային պատերզմ եւ Լիբանանահայ  Համայնավարներ (1943).Դոկտ. Արա Սանճեանի գրառումը

Դեռ ամերիկահայու մտքին մէջ Լիբանանը Սուրիոյ մէկ մասն էր՝ քանի որ երկուքն ալ ֆրանսական «հոգատարութեան» տակ էին ու ներքին մաքսային սահմաններ չունէին։ Խորհրդային Հայաստանի քայլերգը դեռ «Ինտերնացիոնալն» էր (մինչեւ 1945)։ Կ'ենթադրեմ Ազատուհի Նազարեանն ալ յետագային երկար տարիներ Սահակեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը վարած անձն է, որ մանկութեանս ճանչնալու առիթ ունեցած եմ։

 Ամերիկահայ հանրայայտ պատմաբան՝ Դոկտ.  Արա Սանճեանի գրառումը՝

Աւելի քան 80 տարի ետք, ներքեւի լրատուութիւնը քիչ մը surreal կը թուի, բայց հաւանաբար կ'արտացոլէ իր ժամանակի ոգին։ Կ'արտատպեմ Նիւ Եորքի մէջ լոյս տեսնող ամերիկահայ համայնավարներու՝ Ամերիկահայ Յառաջդիմական Միութեան «Լրաբեր» թերթի Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 1943-ի թիւէն. 

«ՍՈՒՐԻՈ ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱԿԱՖԱՇԻՍՏ ՊԱՅՔԱՐԸ

«Սուրիայի մէջ, Հայ կիներ գործօն մասնակցութիւն կը բերեն հակա-Ֆաշիստ պայքարին։ Այդ մասին կը վկայէ Պեյրութի Թիրո թաղին մէջ հակա-Ֆաշիստ Հայ կիներու մէկ ժողովին հետեւեալ նկարագրութիւնը.—

«Թիրո թաղի հակաֆաշիստ Հայ կանանց հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ նոյն թաղի Ազգ. Նուպարեան վարժարանի սրահին մէջ։ Սրահը լեցւած էր ժամանակէն առաջ, մեծ մասամբ կիներով եւ երիտասարդ օրիորդներով։

«Շատ շատերը ոտքի վրա մնացած էին։ Կոմունիստ Կուսակցութեան ղեկավարներ, ընկերներ՝ Յարութիւն Մատէեանի, Յովհաննէս Աղպաշեանի եւ Փանոս Արամայիսեանի մուտքը սրահէն ներս ընդունւեցաւ յոտնկայս ծափահարութիւններով։ Հաւաքոյթը ղեկավարեց ընկերուհի Ազնիւ Աբիկեան։

«Ուղերձ մը կարդաց Օր. Ազատուհի Նազարեան։ Խօսեցաւ ընկ.հի Զարուհի Արամայիսեան, հրաւիրելով Հայ կիները պայքարիլ ֆաշիզմի դէմ եւ գործօն կերպով մասնակցիլ Սասունցի Դաւիթ Հրասայլային Զօրասիւնի շինութեան ի նպաստ կատարւող համազգային դրամահաւաքին։

«Ապա, բուռն ծափահարութեանց մէջ բանախօսեց Յարութիւն Մատէեան, շեշտեց որ կիները իրապէս պատւաւոր գործ կը կատարեն երբ կը պայքարին իրենց ամուսիններուն, հայրերուն, եղբայրներուն եւ զաւակներուն հետ միասին, հացի եւ ազատութեան համար եւ ընդդէմ ֆաշիզմի։

«Արտասանեցին Օրիորդներ Ովսաննա Աբելեան եւ Լուսին Ասատուրեան։ Մեներգեցին Օրք. Վանուհի Այվազեան, Արշակուհի Գույումճեան։ Ռուսական պար պարեցին Օրք. Ովսաննա Աբէլեան եւ Մարի Պաղտասարեան։ Հայկական եւ ծաղիկներու պարը կատարեցին Նուպարեան վարժարանի աշակերտները, ղեկավարութեամբ ուսուցչուհի Օր. Անուշ Տէր Գէորգեանի։ Խումբով երգւեցան Ինտերնացիոնալը ու «Երգ Հայրենիքի»։

«Հաւաքոյթը ցրւեցաւ ընդհանուր խանդավառութեան մէջ։ 

Ապրի՛ք ընկերուհիներ։» 

Յ.Գ.- Դեռ ամերիկահայու մտքին մէջ Լիբանանը Սուրիոյ մէկ մասն էր՝ քանի որ երկուքն ալ ֆրանսական «հոգատարութեան» տակ էին ու ներքին մաքսային սահմաններ չունէին։ Խորհրդային Հայաստանի քայլերգը դեռ «Ինտերնացիոնալն» էր (մինչեւ 1945)։ Կ'ենթադրեմ Ազատուհի Նազարեանն ալ յետագային երկար տարիներ Սահակեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը վարած անձն է, որ մանկութեանս ճանչնալու առիթ ունեցած եմ։