image

Պորել մտահոգ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակով

Պորել մտահոգ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակով

Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքներուն մէջ Իրանի հետ կապուած թիրախներուն Միացեալ Նահանգներու հարուածներէն յետոյ Եւրոպական միութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակը կը գնահատէ ճգնաժամային եւ մտավախութիւն ունի, որ այն դուրս ելլէ վերահսկողութենէն եւ ապամագլցման կոչ կ'ընէ։ Այդ մասին յայտարարած է ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել։

«Մենք միշտ կը կրկնենք, որ Մերձաւոր Արեւելքը կաթսայ մըն է, որ կրնայ պայթիլ որեւէ պահու։ Մենք բոլորին ապամագլցման կոչ կ'ընենք, մենք ճգնաժամային իրավիճակ կ'ապրինք», - ըսած է Պորել:

Իր հերթին, ԵՄ նախագահող Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպ ըսած է, որ պէտք է ընել հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի բոլորը խուսափին հակամարտութեան ընդլայնումէն։

Միացեալ Նահանգներու զինուժը 2 փետրուարին օդային հարուածներ հասցուցած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ աւելի քան 85 թիրախներու, որոնք կապուած են Իրանի յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի եւ անոր աջակցող զինեալներուն հետ՝ ի պատասխան անցեալ շաբթուան վերջը Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած յարձակման, որու հետեւանքով զոհուեցան Միացեալ Նահանգներու 3 զինուորներ: