image

Մեր պայքարը պիտի շարունակուի. Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակ

Մեր պայքարը պիտի շարունակուի. Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակ

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  Հայոց Ցեղասպանութեան  109-րդ ամեակին առթիւ խմբագրութեանս յղուած եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Մերձաւոր Արեւելքի գրասենակի խմբագրութեանս յղուած հաղորդագրութիւնը։

Հայ ժողովուրդը այս տարի կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը: Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հարիւրամեայ անպատժելիութեան եւ անհատոյց մնալու փաստը կը շարունակէ իր բացասական անդրադարձը ունենալ համայն մարդկութեան վրայ:

Եթէ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկուած ըլլար, չէին ըլլար Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները, յատկապէս 21-րդ դարուն ընթացքին տեղի չէր ունենար Արցախի բնիկ ժողովուրդի տեղահանութիւնը իր պատմական հայրենիքէն, Արցախի ցեղային զտումը, բռնազաւթումը, ինչպէս նաեւ` ազգային, պետական եւ անհատական ունեցուածքի թալանն ու պատմամշակութային դարաւոր արժէքներու կործանումը: Զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ներկայ ժամանակաշրջանին դժբախտաբար կը շարունակենք ականատես դառնալ այդպիսի ցեղասպանական ոճիրներու: Արցախի մէջ տեղի ունեցածէն շուրջ մէկ տարի ետք, այսօր, ականատեսն ենք այլ անիրաւութեան մը, այլ տառապանքի ու ողբերգութեան մը:

Հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան դէմ գործած ոճիրներու նկատմամբ պատշաճ եւ գործնական հակազդեցութեան բացակայութեան հետեւանքն է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ռազմավարական դաշնակից Իսրայէլը այսօր կը յանդգնի պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իր ցեղասպանական ոճիրը գործել:

Արդարութեան եւ իրաւունքի յաղթանակը անխուսափելի է: Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առիթով կը վերանորոգենք արդարութեան համար պայքարը շարունակելու մեր կամքը եւ երախտագիտութեամբ կը յիշենք արաբ ու իրանցի եղբայրական ժողովուրդներու մարդկային եւ կրօնական ազնուագոյն սկզբունքներէն բխած պատուաբեր կեցուածքը` Թուրքիոյ գործած ցեղասպանութենէն վերապրած հայերուն նկատմամբ: Մեր պայքարը պիտի շարունակուի: