Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ օրերս մեկնած էր Վան ուխտագնացութեան, հրաժեշտ տալէ առաջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուած էր տեղւոյն կուսակալին, ինչպէս նաեւ Իգտիրի քաղաքապետ Էրճան Թուրանին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան դիմատետրեան էջէն։
Լուրը՝ ստորեւ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը որ հոգեւորականներու եւ ուխտաւորներու խումբի հետ Վան գացած էր Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագելու համար, արարողութենէն ետք, յետմիջօրէի ժամերուն այցելեց Վանի կուսակալ՝ Օզան Պալճըին։ Մեծայարգ Կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։ Ան, ուրախութիւնը յայտնեց, որ այս տարի անգամ մը եւս առիթը ներկայացաւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։
Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ որ այս ուխտագնացութեան առիթով պարտականութիւն համարած է յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Նորին Ամենապատուութիւնը սիրալիր զրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ընծայուած ընդունելութեան, եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։ Կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում։
Պատրիարք Հայրը, 8 Սեպտեմբեր 2025, Երկուշաբթի, յետ միջօրէին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Ըղտըրի Կուսակալ՝ Էրճան Թուրանին։ Մեծայարգ կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։ Ան, ուրախութիւնը յայտնեց, որ Աղթամարի ուխտագնացութեան առթիւ եկած Հայոց Պատրիարքը եկած էր Ըղտըր։ Նորին Ամենապատուութիւնը սիրալիր զրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ընծայուած ընդունելութեան համար։ Կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում։
*
Նորին Ամենապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը 8 Սեպտեմբերի իրիկուան օդանաւով վերադարձան Իսթանպուլ։