image

Պոլսոյ մէջ. Սահակ Բ. Պատրիարք ընդունած է «Ընկերային օժանդակութեան մարմնի» ներկայացուցիչները (Լուսանկար)

Պոլսոյ մէջ. Սահակ Բ. Պատրիարք ընդունած է «Ընկերային օժանդակութեան մարմնի» ներկայացուցիչները (Լուսանկար)

Պոլսոյ մէջ նոր Պատրիարքի ընտրութենէն շրջան մը ետք երկիրը հարուածեց «Քովիտ» համավարակի ալիքը, որուն զուգահեռ ալ պատրիարքութիւնը նախաձեռնութիւն մը վերցուց հասնելու համայնքի անապահով խաւերուն։

Աւելի ուշ այդ մարմինը կոչուեցաւ՝ «Ընկերային օժանդակութեան մարմնի», ներկայիս ալ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, միշտ մնալով Պատրիարքութեան հովանիին ներքոյ։

Անցնող օրերուն մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելած է Պոլսոյ Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցած Ամենապատիւ Պատրիարքին հետ։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս առումով մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ընդունեց Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Հերման Գավաֆեանի։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Խաչիկ Ճանէլ, Մանուկ Գալայճեան, Վարդան Մարանճըօղլու, հոգեբանական յանձնախումբի պատասխանատու Ժանէթ Շիրինօղլու եւ քարտուղար Մարթա-Ժոսլին Տինչքայըքճը։

Այցելուները յայտնեցին, որ եկած էին ներկայացնելու Յանձնախումբի 2023 տարւոյ գործունէութեան տեղեկագիրը։ Նորին Ամենապատուութիւնը, Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի աշխատութիւնները գնահատելով, շեշտեց որ յառաջիկայ օրերուն կարիքաւորներուն թիւը կրնայ շատնալ, այս առումով՝ եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու եւ խնամակալութիւններու հետ համագործակցութեան մէջ պէտք է ըլլալ։ Պատրիարք Հայրը յանձնախումբի կամաւորներուն եւ համայնքային հաստատութիւններուն համար յայտարարեց, որ Յանձնախումբը կարիքաւորներուն կանոնաւոր կերպով կը բաժնէ սնունդի ծրարներ։ Եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու եւ կամաւոր ծառայողներու մասնակցութեամբ, աւելի քան ութ հարիւր ընտանիքներու օժանդակութիւն կը բաշխուի։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց նաեւ, որ սոյն յանձնախումբը թափանցիկ կերպով կը հակակշռուի Պատրիարքական Աթոռոյս հաշուակալութեան բաժնի կողմէ եւ պատրաստ է պատասխանել ամէն տեսակի հարցումներու։ 

Այս առումով 27 Մարտ 2024-ին յանձնախումբի ներկայացուցիչները այցելեցին, ԷՐՎԱՊ-ի Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի՝ ներկայացնելու համար յանձնախումբի գործունէութեան տեղեկագիրը։ Հանդիպման ներկայ էին ատենապետ՝ Հերման Գավաֆեան, Խաչիկ Ճանէլ, Մանուկ Գալայճեան եւ Վարդան Մարանճըօղլու։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու յայտարարեց, որ պատրաստ էր աջակցելու Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբին ¤Փէ-Սէ-Եէ-Քա_ թէ՛ անձամբ եւ թէ հաստատութեամբ։ Յայտնեց նաեւ, որ հարցը պիտի բերէ ԷՐՎԱՊ-ի օրակարգին։