image

Պոլսոյ մէջ. Գալֆայեան վարժարանի սաները առաջատար

Պոլսոյ մէջ. Գալֆայեան վարժարանի սաները  առաջատար

Պոլսոյ մէջ  օրերս տեղի ունեցած է  միջ-վարժարանային արհեստագիտական ոլորտի  ՝ «Սթիմ»  ծրագրի  մրցոյթ, որուն առաջին տեղը գրաւած են Գալֆայեան  վարժարանի սաները։

Այդ մասին «Արեւելք» կարդաց՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն եւ ստորեւ կը ներկայացնենք  պարբերականի  կողմէ  հրապարակուած լրատւութիւնը։

Պէզճեան վարժարանի կազմակերպութեամբ 4 Յունիս Երեքշաբթի STEM մրցոյթին մէջ, Գալֆայեան վարժարանի STEM թիմը յաղթող հռչակուեցաւ: Այս մրցոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 9 վարժարաններ: 

Մրցումի ընթացքին աշակերտներէն կ՚ակնկալուէր ակնթարթային նախագիծերով արձագանգել գիտական գործունէութեան, որ կը չափէր տղոց լուծումներ ստեղծելու հմտութիւնները: 

Կը շնորհաւորենք Գալֆաեանցի սանուհիները՝ Միրա Սոնա Ն., Պէրֆին Պ., Նորա Սելին Կ. եւ Եուլիանա Է., ինչպէս նաեւ անոնց խորհրդատու գիտութեան ուսուցչուհի՝ Օր. Մելիսան, մաղթելով շարունակական յաջողութիւներ։