Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Յովակիմեան Մատենաշարէն, որպէս իններորդ հատոր լոյս տեսած է պատմաբան եւ թարգմանիչ Սիլվարդ Մալխասեանի «Աւետիք Պատրիարքի Խորհրդաւոր Կեանքը» խորագրեալ գիրքը՝ հայերէնով։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայած է «Աւետիք Պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը» գիրքը, որու հեղինակն է Սիրվարդ Մալխասեան։ Աւելի առաջ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ այս գիրքը թրքերէնով լոյս տեսած էր՝ պատմական ուսումնասիրութեան հիման վրայ։ Պատրիարքարանը այժմ անոր հայերէնը հրատարակած է՝ որպէս Աթոռի Յովակիմեան մատենաշարի 9-րդ գործը։
Սիրվարդ Մալխասեան այս գիրքը ձօնած է իր ծնողներու յիշատակին։ Հատորին մէջ Աւետիք Պատրիարքի կեանքը խոշորացոյցի տակ կը բերուի զանազան երեսակներով՝ գահակալութենէն սկսեալ, մինչեւ Պասթիյի բանտին մէջ կալանաւորումը։