Պէլճիքա- («Լէչո», «Սոզչու») Պրիւքսէլեան տարբեր թերթեր գրած են Էրտողանի յառաջիկայ օրերուն Պէլճիքա տալիք այցին անբաղձալիութեան մասին: Մասնաւորապէս «Լէչո» թերթը կը գրէ, թէ Էրտողանի եւրոպական այցերը ողջունելի չեն եւ այն կապուած է Թուրքիոյ նախագահին Սուրիոյ տագնապին առընթեր ունեցած կեցուածքներուն եւ ապահովական գօտի ստեղծելու մասին եղած առաջարկներուն հետ: Թերթը նաեւ կը գրէ, թէ Պրիւքսէլի քաղաքապետութիւնը մերժած է Էրտողանին դահլիճ տալու մասին առաջարկը, ուր ան հանդիպում պիտի ունենար թուրք քուէարկողներուն հետ: Պրիւքսէլի քաղաքապետ Իվան Մուայէր մերժումին մասին խօսելով յայտնած է, թէ որոշումը կապ չունի քաղաքական հարցերու հետ, այլ` թէքնիք հարցերու հետ կ'առնչուի: Թրքական «Սոզչու» պարբերականը իր կարգին կը գրէ, թէ մերժումի դէպքէն ետք Էրտողան թուրք քուէարկողներուն հետ պիտի հանդիպի Պրիւքսէլի փոխարէն Սթրազպուրկի մէջ: