image
Հրատապ լուրեր:

Պիտի վերականգնուի Արաքս գետի պատնէշը, ուրկէ կ'անցնի Թուրքիոյ հետ սահմանը

Պիտի վերականգնուի Արաքս գետի  պատնէշը, ուրկէ կ'անցնի Թուրքիոյ հետ սահմանը

Արարատի մարզի Արաքսաւան եւ Բուրաստան համայնքներու Արաքս գետի նախկին հունի եւ համապատասխան սահմանանշանի մօտակայքը Արաքս գետի հայկական կողմի մօտ 130 մ. երկարութեամբ եւ 8 մ. խորութեամբ ողողուած պատնէշի վերականգնման աշխատանքներ պիտի իրականացուին: Համապատասխան որոշումը կայացուած է ՀՀ կառավարութեան 7 սեպտեմբերի նիստին։ 

Ըստ հիմնաւորման՝ աւազահանքի շահագործման հետեւանքով Արաքս գետի հայկական կողմի 8 մ. խորութեամբ հողապատնէշը ողողուած է, իսկ տարածքի մը մէջ ալ փոխուած է Արաքս գետի նախկին հունը, Արաքսը կը հոսի Հրազդան գետի հունով:

Համաձայն 1973-ի վերասահմանանշման, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պետական սահմանը կ'անցնի Արաքս գետի նախկին հունով, որ փոփոխման հետեւանքով ներկայիս ջրազրկուած է եւ պատուած խիտ թփուտներով ու ծառերով: Արաքս գետի նախկին եւ ներկայի հուներու միջեւ առաջացած է մօտ 400 հեկտար մակերեսով «կղզի», որ ամայացած է եւ գիւղատնտեսական նպատակներով չ'օգտագործուիր: Արաքս գետը Հրազդան գետի հունով հոսելու հետեւանքով Հրազդան գետի ձախ ափը վտանգուած է, հեղեղներու ժամանակ տեղի կ'ունենան փլուզումներ, որոնք կրնան ափամերձ տարածքի եւ սահմանային կառոյցներու ողողման պատճառ դառնալ:

Աշխատանքներու կատարման հետեւանքով կը նախատեսուի մօտ 6.5 քմ. երկարութեան վրայ վերականգնել Արաքս գետի նախկին հունը համապատասխան սահմանային նշաններու հատուածին եւ խուսափիլ հետագայ փլուզումներէ: 2022-ին մեկնարկած է ծրագրին նախագծանախահաշուային փաստաթուղթերու ձեռքբերման գործընթացը, որու համաձայն շինարարական աշխատանքներու համար կը պահանջուի 378,251.2 հազար դրամ, տեխնիկական հսկողութեան ծառայութիւններուն համար՝ 4,917.3 հազար դրամ, հեղինակային հսկողութեան ծառայութիւններու համար՝ 1,513.0 հազար դրամ։  

Այս տարուան ընթացքին կը  նախատեսուի  իրականացնել շինարարական աշխատանքներու 50 տոկոսը: