image

Պիշքէքի մէջ մեկնարկած Է ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը.Հայաստան չի մասնակցիր այս ժողովին

Պիշքէքի մէջ մեկնարկած Է ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը.Հայաստան չի մասնակցիր այս ժողովին

Պիշքէքի մէջ մեկնարկած Է ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը:

Հայաստանէն Պիշքէք մեկնած է արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը։

Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները նեղ ձեւաչափով հանդիպում ունեցած են, որմէ ետք ընդլայնուած նիստ պիտի կայանայ:

Յիշեցնենք՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը յայտարարած էր, որ Մոսկուան կը դիտարկէ 12 հոկտեմբերին Պիշքէքի մէջ ԱՊՀ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս Ռուսիոյ Դաշնութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ բանակցութիւններ վարելու հնարաւորութիւնը։

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանն ըսած էր, որ այդ նիստին պիտի մասնակցի ոչ թէ նախարար Միրզոյեանը, այլ՝ ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարարը։