Ռուս-Ֆրանսական բարձր մակարդակի պարբերական շփումներու շրջանակներուն մէջ կայացած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փուտինի հեռախօսազրոյցը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Ի թիւս այլ հարցերու, երկու ղեկավարները նաեւ միտքեր փոխանակած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ: Անոնք գոհունակութեամբ արձանագրած են իրավիճակի կայունացումը եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հարթման, ճանապարհային հաղորդակցութիւններու եւ տնտեսական կապերու վերականգնման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը: Ընդգծուած է, որ այս հարցերուն մէջ Ռուսաստանն ու Ֆրանսան կը գործեն եւ ապագային մտադիր են ներդաշնակ գործել: