image

Փութինի Մոլտովա մուտքը ՝ արգիլուած

Փութինի Մոլտովա մուտքը ՝ արգիլուած

Մոլտովայի վարչապետ Տորին Ռեչան TV8-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին արգիլուած է մուտք գործել երկիր։ Այս մասին գրած է novayagazeta.eu-ն:

Ռեչան ըսած է, որ Մոլտովայի մէջ կայ Ռուսիոյ քաղաքացիներու «սեւ ցուցակ». խօսքը այն մարդոց մասին է, որոնք չեն կրնար մուտք գործել երկիր։ Միաժամանակ վարչապետը մանրամասնած է, որ որոշ պաշտօնեաներ կը տեղեկանան այդ ցանկի մէջ ընդգրկուած ըլլալու մասին միայն այն ժամանակ, երբ փորձեն մուտք գործել Մոլտովա։

«Հետագային մենք պիտի կազմենք հրապարակային ցուցակ, բայց այս պահուն այն մեխանիզմը, որ այսօր կը գործէ, բաւարար է։ Ես չեմ գիտեր, թէ արդեօք անհրաժեշտ է պետական միջոցներ ծախսել հրապարակային ցուցակ կազմելու վրայ», -ըսած է Ռեչան:

Ան աւելցուցած է, որ «որեւէ մէկը, որ պէտք չէ երկիր մուտք գործէր, չէ մտած»։

«Մենք պիտի փակենք բոլոր անոնց բերանները, որոնք պատերազմ կը քարոզեն եւ կը սերմանեն», -ըսած  է Ռեչան: