image

Փութին ուղերձ յղած է Սուրիոյ ղեկավար Շարըհին

Փութին ուղերձ յղած է Սուրիոյ ղեկավար Շարըհին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ուղերձ յղած է սուրիական պետութեան ղեկավար Ահմետ Շարըհին. այս մասին ըսած է Քրեմլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը։

Փութինը հաստատած է Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը՝ զարգացնելու գործնական համագործակցութիւնը Սուրիոյ ղեկավարութեան հետ՝ օրակարգային բոլոր հարցերու շուրջ, ըսած է Փեսքով։

Անոր խօսքով՝ Ռուսիոյ նախագահն աջակցած է Սուրիոյ ղեկավարութեան ջանքերուն՝ ուղղուած երկրին մէջ իրավիճակի արագ կայունացման։