Ամերիկեան հետախուզութիւնը հակուած է կարծելու, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին «հաւանաբար չի ցանկար ուղղակի ռազմական հակամարտութիւն ունենալ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի ուժերուն հետ, սակայն անոր հնարաւորութեան հաւանականութիւնը կայ»։ Այս մասին ըսած է ԱՄՆ Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Աւրիլ Հէյնս՝ Քոնկրէսին տարեկան զեկոյցի ժամանակ, յայտնած է CNN:
«Ռուսիա այժմ կը խուսափի այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կ'ընդլայնեն ուքրանական հակամարտութիւնը Ուքրանիոյ սահմաններէն դուրս, սակայն սրացումի վտանգը կը մնայ զգալի»,- ըսուած է զեկոյցով։
Զեկոյցին մէջ նաեւ նշուած է , որ Փութին կը պատրաստուի Ուքրանիոյ դէմ երկարաժամկէտ պատերազմի։
Հէյնսի խօսքով՝ Ուքրանիոյ պատերազմը դարձած է մաշեցնող, եւ այնտեղ կողմերէն ոչ մէկը վերջնական առաւելութիւն ունի։ Իսկ հիմա Փութին, ամենայն հաւանականութեամբ, կը ցանկայ շարունակել այդ պատերազմը տարիներ։
«Մենք կը կանխատեսենք, որ այս տարի ռուս զինուորականները այնքան չեն վերականգնուիր, որպէսզի զգալի տարածքային ձեռքբերումներ ունենան, բայց Փութին, ամենայն հաւանականութեամբ, կը գտնէ, որ ժամանակը իր օգտին է, եւ պատերազմի շարունակութիւնը, ռազմական գործողութիւններու հնարաւոր դադարներով, կրնայ ըլլալ իր լաւագոյն ճանապարհը՝ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմավարական շահերն ապահովելու համար, նոյնիսկ եթէ տարիներ պահանջուին», - ըսած է պաշտօնեան:
Հետախուզութեան տնօրէնը նաեւ նշած է, որ Ռուսիան, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի չի կարողանայ պահպանել Ուքրանիոյ մէջ յարձակողական գործողութիւններու նոյնիսկ այն համեստ մակարդակը, որ այժմ ունի առանց լրացուցիչ պարտադիր խեղաթիւրումի:
Միեւնոյն ժամանակ, Հէյնս զգուշացուցած է, որ ուքրանական հաւանական գարնանային յարձակումը կրնայ խոչընդոտուիլ կենդանի ուժի եւ սարքաւորումներու կրճատմամբ՝ պայմանաւորուած ռուսական ներկայ յարձակումներէն պաշտպանուելու անհրաժեշտութեամբ: