ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած 23 նոյեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովին, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախագահի՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարելիք այցի օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Մտքեր փոխանակուած են նաեւ 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած շարք մը իրադարձութիւններու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական հարցերու շուրջ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքի վերաբերեալ: