image

Փութին դեռ չէ որոշած

Փութին դեռ չէ որոշած

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին խոստովանած է, որ դեռ չէ որոշած եթէ պիտի առաջադրուի 2024 թուականին գլխաւոր պետական պաշտօնին համար:

«Այո՛, սահմանադրութիւնը ինծի թոյլ կու տայ այդ ընել, առաջադրուիլ յաջորդ ժամկէտի համար, բայց այս հարցով դեռ որոշում չէ կայացուած», ըսած է պետութեան ղեկավարը:

Իսկ այն հարցին, թէ արդեօք Ռուսաստանի նախագահը կը մտածէ՞ իրաւայաջորդի մասին, Փութին պատասխանած է. «Ոչ, ես կը նախընտրեմ չպատասխանել նման հարցերուն, այս իմ աւանդական պատասխանս է: Մինչեւ յաջորդ ընտրութիւնները դեռ շատ ժամանակ կայ: Այս թեմայով խօսակցութիւնները կ'ապակայունացնեն իրավիճակը», պարզաբանեց Ռուսիոյ նախագահը: Անոր կարծիքով՝ «իրավիճակը պէտք է ըլլայ հանգիստ եւ կայուն, որպէսզի բոլոր պետական մարմինները, պետական բոլոր կառոյցները վստահ աշխատին, հանգիստ նային դէպի ապագայ»: