Փութինն ու Ալիեւը Պաքուի մէջ պիտի քննարկեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները․ Ռուսիա պատրաստ է շարունակել հնարաւոր աջակցութիւն ցուցաբերել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործով։
Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի ծառայութեան՝ Փութինի Ատրպէյճան պետական այցի նախօրէին տարածուած նիւթերուն մէջ։
«Առանցքային խնդիրները կը մնան խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացի խթանումը, ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը ամենաբարձր մակարդակով 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնագիրներու հիման վրայ»,- ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։
Յիշեցնենք, որ 18-19 օգոստոսին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին պետական այցով պիտի մեկնի Ատրպէյճան։