image

Փոխ-վարչապետներու հանդիպումէն դրական լուրեր

Փոխ-վարչապետներու հանդիպումէն դրական լուրեր

Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ղեկավարներու`25 մայիս 2023-ին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման նպատակով 2 յունիսին Ռուսիոյ Դաշնութեան մայրաքաղաքի մէջ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի, Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի 12-րդ նիստը:

Փոխվարչապետի գրասենեակէն կը տեղեկանանք, որ նիստն անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Գոհունակութեամբ էական առաջընթաց արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կազմակերպման եղանակներու համաձայնեցման հարցով: Մասնաւորապէս ձեռք բերուած է ընդհանուր փոխըմբռնում Երասխ-Ջուլֆա-Մեղրի-Հորադիզ երթուղիով երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգման եւ կազմակերպման ուղղութեամբ յստակ քայլերու իրականացման հարցով:

Կայացած բանակցութիւններու արդիւնքները պիտի զեկուցուին Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ղեկավարներուն:

Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել աշխատանքները Եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջածիրէն ներս: