image

Փայլան ծաղրած է թուրք նախարարը

Փայլան ծաղրած է թուրք նախարարը

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պիւտճէի քննարկումներու ժամանակ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի ելոյթը մեծ արձագանգ գտած է Թուրքիոյ մէջ։

Քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան  Արդիւնաբերութեան եւ արհեստագիտութեան նախարարին խաղալիք տիեզերանաւ նուիրած եւ ըսած է. «Դուք պիւտճէին մէջ նախատեսած էք 6 միլիոն տոլար տիեզերական գործակալութեան համար, բայց այդ գումարով դուք հազիւ տիեզերանաւի դիմապակ գնէք։  Քանի որ 6 միլիոն տոլարով տիեզերք չէք կրնար երթալ, ես ձեզի այս խաղալիք տիեզերանաւը կը նուիրեմ։ Հիմա ասով քիչ մը զբաղեցէք», ըսած է Կարօ Փայլան՝ շեշտելով, որ այն երկիրը, որու քաղաքացին ճանապարհածախսի գումար չունի՝  չի կրնար լուսին թռչիլ։

«Այն երկիրը, որ անտառներու հրդեհները մարելու համար օդանաւ չունի, չի կրնար տիեզերք թռչիլ, սկիզբը ունեցէք հրդեհները մարող օդանաւեր, ապահովեցէք քաղաքացիները փոխադրածասի գումարով, յետոյ թռէք լուսին», շեշտած է Կարօ Փայլանը։