ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ստորագրած հրամանագրով Նիկոլ Փաշինեանը կրկին նշանակուեցաւ ՀՀ վարչապետ։
«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 1-ին մասը`Նիկոլ Փաշինեանին նշանակել վարչապետ»,– նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Յիշեցնենք` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսելէն ետք անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ Սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով ձեւաւորուած խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուին: Իսկ քանի որ ԱԺ–ի մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակով ընտրուած պատգամաւորները, անոնք առաջադրած էին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը։