image

Փաշինեան պաշտօնապէս դիմած է ՀԱՊԿ-ին

Փաշինեան պաշտօնապէս դիմած է ՀԱՊԿ-ին

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն այսօր պաշտօնապէս դիմած է ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի գործող նախագահ Տաճիկստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Ռահմոնին՝ 15 մայիս 1992-ի «Հաւաքական անվտանգութեան մասին» պայմանագրի երկրորդ յօդուածի շրջածիրէն ներս ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու դիրքորոշումները համակարգելու եւ առաջացած սպառնալիքի վերացման համար միջոցներ ձեռնարկելու նպատակով արտակարգ խորհրդատուութիւններ անյապաղ սկսելու մեխանիզմը գործադրելու համար: Այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Վերոնշեալի մասին, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ հանգամանալից տեղեկատուութեամբ նամակներ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը յղած է նաեւ ՀԱՊԿ միւս անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն: