image

Փաշինեան մարտահրաւէր կը նետէ Ռուսիոյ. Զատուլին

Փաշինեան մարտահրաւէր կը նետէ Ռուսիոյ. Զատուլին

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «միանշանակ մարտահրաւէր» կը նետէ Ռուսիոյ, rtvi.com-ին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Տումայի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) հարցերով յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսթանթին Զատուլին:

Ան մեկնաբանած է Փաշինեանի երէկուան յայտարարութիւնն այն մասին, որ ՀԱՊԿ-ը սպառնալիք է ՀՀ անվտանգութեան, հետագայ գոյութեան, ինքնիշխանութեան եւ պետականութեան համար:

Ըստ պատգամաւորի՝ Փաշինեանը մօտաւորապէս նոյն բանը կ՚ըսէր տարիներ առաջ, երբ «ոչ ոք իրեն լուրջ քաղաքական գործիչ կը համարէր»։

«Ան լուսանցային լրագրող էր եւ արդէն այն ժամանակ կը պնդէր, որ Հայաստանը դադրի կեդրոնանալ Ռուսիոյ վրայ, հեռանայ ՀԱՊԿ-էն, լուծարէ Գիւմրիի ռազմակայանը եւ այլն։ Այդ մասին ան կը յայտարարէր որպէս ընդդիմադիր, որուն քիչեր կը լսէին։ Անոր՝ 2018 թուականին վարչապետի պաշտօնին յայտնուելուն հետեւեցաւ բարեկամութեան մասին կեղծ հաւաստիացումներու կարճ ժամանակաշրջան, իսկ հիմա ան վերադարձած է իր էութեան»,- նշած է Զատուլինը։

Ըստ քաղաքական գործիչի՝ «Մոսկուան կը նախընտրէ նոյն թոնով չպատասխանել Փաշինեանին՝ քննարկման նշաձողը չիջեցնելու համար»:

«Բայց մենք պէտք է ոչ թէ գլուխներս թաղենք աւազի մէջ, այլ հասկնանք, թէ դէպի ուր Փաշինեանը կը տանի Հայաստանը... Ան բացայայտօրէն կը հակադրուի Ռուսիոյ՝ ձգտելով այնպէս ընել, որ անոր ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ Կովկասի մէջ ըլլայ նվազագոյն։ Ահա թէ ինչ կ՚ընեն թշնամիներն ու հակառակորդները, յատկապէս այն ժամանակ, երբ մենք ռազմական գործողութիւններ կ՚իրականացնենք, կը դիմակայենք Արեւմուտքին եւ այլն... Պէտք է ներքին եզրակացութիւններ ընել Փաշինեանի կառավարութեան եւ անոր բնոյթի մասին՝ այսքանը»,- եզրափակած է Տումայի պատգամաւորը։