ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գլխաւոր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիտթի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու խնդիրները: Տեղեկութիւնը յայտնած է վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։
«Քննարկուել են Լեռնային Ղարաբաղում Ադրբեջանի կողմից էթնիկ (ցեղային) զտման քաղաքականութեան հետեւանքով 100 հազարից աւելի բռնի տեղահանուած անձանց հումանիտար (մարդասիրական) խնդիրները, ինչպէս նաեւ դրանց յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմից իրականացուող քայլերը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Յատուկ շեշտադրուած է Պիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումներու (2023 թուականի 14 մայիսի եւ 15 յուլիսի) արդիւնքներով համաձայնեցուած սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղութեան գործընթացը շարունակելու կարեւորութիւնը:
ՀՀ վարչապետն ու ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարը խօսած են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան մասին։
Անդրադարձ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքներուն, օրակարգային հարցերուն, ՀՀ կառավարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի միջեւ համագործակցութեան: