image

Փաշինեան կրկնեց նախօրօք ըսածը «Այո Ղարաբաղը մտնում է Ատրպէյճանի կազմում»

Փաշինեան կրկնեց նախօրօք ըսածը «Այո Ղարաբաղը մտնում է Ատրպէյճանի կազմում»

Հայաստանը կը ճանչնայ Ատրպէյճանի`86 հազար 600 քառակուսի քմ տարածքային ամբողջականութիւնը, որու մէջ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը (Արցախը): Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարզազրոյցին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ինձ հարց է հնչել`արդեօք 86 հազար 600 քառակուսի քմ-ի մէջ մտնում է Լեռնային Ղարաբաղը, ես ասել եմ` այո՛»,- յայտարարած է Փաշինեանը:

«Իրավիճակի լուծման ճարտարապետութեան մասին ՀՀ պայմանաւորուածութիւնն է փորձել առաջնորդուել այդ յայտարարութեամբ ու ցոյց տալ ՀՀ հաւատարմութիւնն այն պայմանաւորուածութիւններին, որոնք ձեռք են բերել Ադրբեջանի հետ Բրիւսելում»,- նշած է վարչապետը։

Ան ըսած է, թէ այս յայտարարութեամբ Հայաստանը փորձած է արձանագրել իրադրութեան ու ճգնաժամի լուծման ճարտարապետութեան մասին պայմանաւորուածութիւնը, «ինչը պայմանաւորուել են Ադրբեջանի հետ»:

«Ադրբեջանը միշտ չէ, որ ցոյց է տալիս հաւատարմութիւնը պայմանաւորուածութիւններին»,-աւելցուցած է վարչապետը:

Կառավարութեան ղեկավարի խօսքով՝ իրենք կը ներկայացնեն ճարտարապետութիւն, որ օրինական է միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային հանրութեան տեսանկիւնէն։

Ան նաեւ նշած է, որ կ'ուզեն ընել այնպիսի ձեւակերպումներ, որոնց պարագային ՀՀ օրինականութիւնը ըլլայ անխոցելի։