Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սեյիտ Ալի Խամենէիի հետ:
Վարչապետը ցաւակցութիւն յայտնած է ԻԻՀ նախագահ Սեյիտ Իպրահիմ Ռայիսիի, Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Հոսէյն Ապտոլլահեանի եւ անոնց ուղեկցող անձանց զոհուելու կապակցութեամբ: Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ ԻԻՀ նախագահի եւ ԱԳ նախարարի հետ շփումներէն ունի ջերմ յիշողութիւններ եւ նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար դժուարին այս ժամանակահատուածին նեցուկ են լաւ բարեկամ եւ հարեւան պետութեանն ու ժողովուրդին։
Սեյէտ Ալի Խամենէին շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին Իրանի համար այս դժուարին ժամանակահատուածին այցելելու եւ յարգանքի տուրքի միջոցառման մասնակցելու համար:
Զրուցակիցները համոզմունք յայտնած են, որ Հայաստանը եւ Իրանը պիտի շարունակեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ընդլայնման ուղղուած քայլերը` ի նպաստ երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու առաջընթացի:
Այսօր հաղորդուած էր, որ Փաշինեան աշխատանքային այցով ժամանած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն:
«Մեհրապատ» օդակայանին մէջ Փաշինեանը դիմաւորած է Իրանի փոխնախագահ Տավուտէ Մանզուրը:
Վարչապետը Թեհրանի մէջ մասնակցած է ԻԻՀ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի եւ անոնց ուղեկցողներու յարգանքի տուրքի եւ ցաւակցութիւն յայտնելու պաշտօնական միջոցառման: