image

Փաշինեան- Ղարիպաշվիլի հանդիպում ՝ սահմանին

Փաշինեան- Ղարիպաշվիլի հանդիպում ՝ սահմանին

Հայաստանի եւ Վրաստանի միջպետական սահմանի Բագրատաշէն-Սադախլօ անցակէտի տարածքին պաշտօնապէս շահագործման յանձնուեցաւ Դեպեդ գետի վրայ կառուցուած նոր կամուրջը: Խորհրդանշական «Բարեկամութիւն» անուանումը ստացած նոր կամուրջի պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցելու համար երկու կողմէ ժամանած էին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն ղեկավարները:

Հայ-վրացական անցակէտին մէջ տեղի ունեցած դէմ առ դէմ հանդիպումէն յետոյ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին հանդէս եկան մամուլի համար յայտարարութեամբ` շնորհաւորելով միմեանց հայ-վրացական գործընկերային սերտ եւ բազմաբովանդակ համագործակցութիւնը ազդարարող կամուրջի գործարկման առիթով:

Հայ-վրացական սահմանին` Բագրատաշէնի հատուածին, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետներու առանձնազրոյցը:

Հանդիպումը կայացած է Հայ-վրացական բարեկամութեան կամուրջի գործարկման արարողութեան շրջածիրէն ներս:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլին կարեւորած են կամուրջի գործարկումը եւ ընդգծած անոր դերը երկկողմ փոխադրային հոսքերն առաւել դիւրին դարձնելու մէջ:

Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններու ղեկավարները նշած են, որ բարձրաստիճան աշխուժ շփումները կը վկայեն հայ-վրացական յարաբերութիւններու զարգացման եւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակի մասին:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգային հարցեր, միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ: Երկուստեք վերահաստատուած է բարեկամական կապերը հետեւողականօրէն խորացնելու եւ աշխուժ երկխօսութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը: