image

Փաշինեան եւ Ալիեւը համաձայնած են հանդիպիլ Պրիւքսէլի մէջ՝ հոկտեմբերի վերջը. Միշէլ

Փաշինեան  եւ  Ալիեւը համաձայնած են հանդիպիլ Պրիւքսէլի մէջ՝ հոկտեմբերի վերջը. Միշէլ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը համաձայնած են հանդիպիլ Պրիւքսէլի մէջ՝ սոյն թուականի հոկտեմբերի վերջը։ Այդ մասին «Ռիա Նովոսթի» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլը։

Փաշինեանի եւ Ալիեւի հանդիպումը պէտք է կայանար Կրանատայի մէջ Միշէլի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի միջնորդութեամբ։ Վերջին պահուն, սակայն, Ալիեւը հրաժարած է մեկնիլ Սպանիա՝ պատճառաբանելով, թէ «Ֆրանսան կողմնակալ ու փրոհայկական դիրքորոշում ունի»։ Ատոր փոխարէն եւրոպական առաջնորդներու հետ հանդիպեցաւ Փաշինեանն ու ստորագրեց յայտարարութիւն, որով հերթական անգամ ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ 86 000 քառակուսի քմ տարածքով։