image

Փաշինեան չէ բացառած Փութինի հետ հանդիպումը

Փաշինեան չէ բացառած Փութինի հետ հանդիպումը

Փութինի հետ չհանդիպելու ծրագիրներ չունինք։ 20 ապրիլին,  Ստեփանաւանի մէջ, լրագրողներու հարցին ի  պատասխան ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։

Իսկ թէ երբ, Փաշինեան ըսած է, որ այս պահուն չի կրնար ըսել։

«Հանդիպում կը լինի, որովհետեւ մենք չհանդիպելու պլաններ չունենք, բայց երբ, կոնկրետ ոնց, այս պահին չեմ կարող ասել»,- ըսած է գործադիրի ղեկավարը։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Լաւրով չէր բացառած, որ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլասիմիր Փութինի միջեւ առաջիկային տեղի ունենան շփումներ՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու վիճայարոյց հարցերը քննարկելու համար։

Թէ յստակ երբ Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսիոյ նախագահը կրնան հանդիպիլ, Լաւրով ալ չէր յստակացուցած։