 
                    Գերմանիոյ կառավարութեան ղեկավար Ֆրիտրիխ Մերցը, իր պաշտօնավարութեան ընթացքին կատարած առաջին պաշտօնական այցելութեան ժամանակ Անգարա, ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիան բնորոշած է որպէս «անփոխարինելի գործընկեր» եւ «կարեւոր դերակատար՝ արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան գրեթէ բոլոր հարցերուն մէջ»։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Մերց ընդգծած է, որ Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի համար Անգարայի հետ ամուր ռազմավարական գործընկերութիւնը չունի այլընտրանք։ Ան նաեւ առաջարկած է սկսիլ ռազմավարական երկխօսութիւն Թուրքիոյ հետ՝ Եւրոպական մակարդակով։
Քաղաքական գործիչը շեշտած է, որ Անգարան կենսական դեր կը խաղայ Պերլինը հետաքրքրող արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բոլոր խնդիրներուն մէջ, եւ աւելցուցած է, որ մտադիր է աւելի խորացնել համագործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ՝ անվտանգութեան քաղաքականութեան ոլորտին մէջ։
Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութեան հեռանկարներուն վերաբերեալ՝ Մերց «մտահոգութիւն» յայտնած է որոշ վիճելի հարցերու շուրջ։ Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ մէջ դատական անկախութիւնը չի համապատասխաներ Եւրամիութեան ակնկալութիւններուն։ Մերցը ընդգծած է, որ Թուրքիան կը համարէ «սերտօրէն կապուած Եւրամիութեան հետ»․ «Դաշնային կառավարութիւնը կ՚ուզէ տեսնել Թուրքիան ԵՄ-ի մէջ։ Մենք կ՚ուզենք անոր մերձեցումը Եւրոպային»,-ըսած է Գերմանիոյ վարչապետը։
Այլ հարցերու շարքին, Մերց շեշտած է նաեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը ներգաղթեալներու վերադարձի ոլորտին մէջ՝ նշելով, որ երկու երկիրներն ալ կը ձգտին «հետագայ յառաջընթաց արձանագրել այս ոլորտին մէջ»։
Մերց եւ Էրտողան տարաձայնութիւն ունեցած են Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ ընթացող պատերազմի վերաբերեալ։ Գերմանիոյ վարչապետը իր աջակցութիւնը յայտնած է Իսրայէլին եւ ընդգծած, որ Կազայի պատերազմին վերջ տալու համար «Համաս»-ը պէտք է աւելի շուտ ազատ արձակէր իսրայէլացի պատանդները։
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահը անհամաձայնութիւն յայտնած է Մերցին՝ կրկին մեղադրելով Իսրայէլը Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու համար։
Լրատուամիջոցները նկատած են, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մերց ուղղակիօրէն չէ շօշափած Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի ընդդիմադիրներու հետապնդման թեման եւ բանտարկուած Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի գործը։