 
                    Էլիզեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այս մասին կը յայտնեն Կառավարութենէն:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավարական բնոյթի յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վերաբերող թեմաներու: Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմմանուէլ Մաքրոն անգամ մը եւս ընդգծած են, որ երկկողմ փոխգործակցութիւնը ունի ռազմավարական նշանակութիւն ու պատրաստակամութիւն յայտնած շարունակելու հետեւողական քայլերը այդ ուղղութեամբ:
Յաջորդիւ քննարկուած են տարածաշրջանային նշանակութեան հարցրեր: Ֆրանսայի նախագահը եւս մէկ անգամ շնորհաւորած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման առիթով եւ շեշտած Ֆրանսայի անվերապահ աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ինքնիշխանութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման:
Միտքեր փոխանակուած են TRIPP նախագիծի եւ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն շուրջ: Այդ պարունակին մէջ, վարչապետը անդրադարձած է կատարուող աշխատանքներու ընթացքին:
Փաշինեան եւ Մաքրոն քննարկած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցեր: Կողմերը կարեւորած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան նոր օրակարգով յարաբերութիւններու հետեւողական ընդլայնումը: