image

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն Երեւան ժամանած է

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն Երեւան  ժամանած է

Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած է Փարիզի քաղաքապետը: «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ Անն Իտալկոյին դիմաւորած է Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Լեւոն Յովհաննիսեանը: 

Փոխքաղաքապետը յոյս յայտնած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ յառաջիկայ հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննարկուին ոչ միայն ծրագրերը, որոնք արդէն իսկ իրականացուած են երկու մայրաքաղաքներուն միջեւ, այլեւ վստահեցուցած է, որ յառաջիկայ մի քանի օրուայ ընթացքին պիտի յաջողոին համաձայնութեան գալ գործակցութեան նոր ոլորտներու շուրջ:

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն հաւաստիացուցած է, որ քաղաքին, որ Փարիզին տուած է, օրինակ, «Թումօ»-ի գաղափարը, Ֆրանսայի մայրաքաղաքը պատրաստ է աջակցելու եւ զօրակցելու ամէն ինչով` հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ:

Այցի շրջանակին մէջ նախանշուած է Փարիզի քաղաքապետի հանդիպումը Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքնեուն հետագայ գործակցութեան ու ընթացիկ ծրագրերւն վերաբերող հարցեր: