Կառավարութեան նիստը այսօր սկսած է «Քովիտ»ի իրավիճակային գնահատմամբ: Առողջապահութեան նախարարը նշած է, որ նոր յայտնաբերուած դէպքերու կայուն նուազում կը նկատուի, եւ փորձագէտներու կանխատեսմամբ` այդ նուազումը պիտի պահպանուի: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նկատած է, որ այս պայմաններուն մէջ կարելի է փակ տարածքներու մէջ դիմակներ կրելու պարտադիր պահանջը մեղմացնել:
«Նոյնիսկ փակ տարածքներում ոչ թէ պարտադիր կը լինի, այլ խորհուրդ կը տանք կրել դիմակ», ըսած է Փաշինեան:
Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանն ալ ըսած է, որ «Քովիտ»ի դէպքերու նուազման միտումը պահպանուելու պարագային որոշ սահմանափակումներ պիտի հանուին, սակայն որոշ հաստատութիւններու մէջ, օրինակ` բժշկական կեդրոններու մէջ, դիմակ կրելը պիտի մնայ պարտադիր: