image

Պէզճեան մայր վարժարանի յաղթանակը՝ միջվարժարանային երրորդ մտախաղերուն

Պէզճեան մայր վարժարանի յաղթանակը՝ միջվարժարանային երրորդ մտախաղերուն

Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները վերջերս մասնակցած են «TED Atakent» քոլէճին մէջ կազմակերպուած մտախաղերու միջվարժարանային մրցաշարքին եւ նուաճած են ախոյեանի տիտղոսը։

Մրցաշարքը կազմակերպուած էր՝ Թուրքիոյ մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պէզճեան մայր վարժարանի մէջ տարիներու ընթացքին լաւ աւանդութիւն մը ձեւաւորուած է մտախաղերու գծով։ Գրեթէ միշտ, Պէզճեանցիներ յաջողութիւններով կը վերադառնան այդ խաղերէն, տարուէ տարի կատարելագործելով իրենց ձիրքերն ու կարելիութիւնները։ Այս տարին ալ յաջող էր։

Թուրքիոյ մտախաղերու միութիւնը ԹԷՏ Աթաքենթ գոլէճի հիւրընկալութեամբ կազմակերպեց միջվարժարանային երրորդ մտախաղերը, ուր մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Պէզճեանցիներու խումբը։ Մեր տղաքը 29 միջնակարգ վարժարաններու խումբերու միջեւ յաղթող դարձան։ Անհատական արդիւնքով Քեթրին Տէյիրմենճի եւ Մաթայ Պարան հասան մինչեւ աւարտական փուլ։ Քեթրին 85 մրցակիցներու միջեւ լաւագոյնը ճանչցուեցաւ եւ բարձրացուց յաղթողի բաժակը։

Պէզճեանի հիմնական խումբին մաս կը կազմէին Մելքոն Տոլաշ, Թամարա Ղազարեան եւ Քեթրին Տէյիրմենճի, պահեստի խումբին՝ Արիա Թաշճըլար, Մաթայ Պարան եւ Մաքսիմ Իրիսը։ Իրենց ուսուցիչն է Ֆիլիփ Ելեկէնը։